2015-02-02 12:17:43

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը` հանդիպում Լիթուանիայի եպիսկոպոսներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 2 փետրուար, տօն Տեառնընդառաջի` Յիսուսի ներկայացում ի տաճար։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ, յաջորդաբար ընդունեց Հռոմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինին, Վիեննայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Քրիստոֆ Շոնպորն եւ Ֆրանսայի հանրապետութեան Ս. Աթոռի մօտ դեսպան` Տիար Պրունօ Ժուպերը, հրաժեշտի այցելութեան առթիւ։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ընդունեց Լիթուանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի եպիսկոպոսները որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ իսկ յետմիջօրէի ժամը 5.30-ին` Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը պատարագ կը մատուցէ` Նուիրեալ կեանքի համաշխարհային 19-րդ օրուան առթիւ։

Լիթուանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի եպիսկոպոսներուն գրաւոր յանձնած իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը գրեց`
Ձեզ ուրախութեամբ կ’ընդունիմ ձեր Հնգամեայ կանոնական այցելութեան առիթով եւ սրտանց կ’ողջունեմ ձեզ եւ տեղական Եկեղեցիները, որոնք Տէրը ձեր հայրական առաջնորդութեան յանձնած է։
Սրբազան Քահանայապետը դրուատեց եպիսկոպոսներուն առաքելութիւնը, շեշտելով անոնց հովուական աշխատանքին վրայ, ուր անոնք ժողովուրդին յատուկ եւ սիրալիր մօտիկութիւն կը ցուցաբերեն։ Ան յիշեց նաեւ Լիթուանիոյ ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ կրած տառապանքները քաղաքական բռնութիւններու եւ օտար լուծի տակ, որոնք կը բխէին գաղափարախօսութիւններէ՝ հակոտնեայ մարդու արժանապատուութեան եւ ազատութեան։
Ասոր համար պէտք է քարոզել Աւետարանը եւ Քրիստոնէական արժէքները յարատեւօրէն, առանց մոռնալու երկխօսութիւնը նաեւ անոնց հետ որոնք եկեղեցիէն եւ կրօնական ապրումներէ հեռու են։
Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրները եւ եկեղեցւոյ մեծ հետաքրքրութիւնը եւ յանձնառութիւնը ընտանիքի նկատմամբ։ Հետեւաբար եկեղեցին միշտ պէտք է նորոգուի Աւետարանի հոգիով։
Սրբազան Պապի ուղերձին մէջ կարեւոր կէտ մըն էր քահանայական կոչումները եւ քահանաներու խնամքը, ինչպէս նաեւ ժառանգաւորներու հոգեւոր եւ բարոյական կազմաւորումը։
Վերջապէս Նորին Սրբութիւնը յորդորեց, որ եպիսկոպոսները ուշադրութիւն դարձնեն աղքատներու եւ չքաւորներու կարիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.